2011-06-19 13:03:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը` Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին մէկ են որովհետեւ Աստուած Սէր է։


Սան Մարինոյի Սէրրավալլէ մարզադաշտին մէջ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած սուրբ պատարագի զոհը սկիզբ առաւ ժամը 10ին եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ քարոզը արտասանեց.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Մեծ է ուրախութիւնս ձեզի հետ միասին բեկանելու հացը ս. Զոհին եւ իմ սիրալիր ողջոյնս ուղղելու ձեզի ամէնուդ, իրապէս երախտապարտ եմ ինծի վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։ Ձեր մէջ կը գտնուիմ բաժանելու ձեր ուրախութիւններն ու յոյսերը, յոգնութիւններն ու ջանքերը ու այս թեմի իտէալներն ու ձգտումները։ Գիտեմ թէ անպակաս են ձեր դժուարութիւնները, խնդիրները ու մտահոգութիւնները։ Բոլորին կ'ուզեմ երաշխաւորել իմ մօտիկութիւնը եւ աղօթքը ու քաջալերանքը յարատեւելու վկայութիւն տալով մարդկային ու քրիստոնեական արժէքներուն, որոնք այնքան արմատացած են այս օրհնեալ հողին մէջ։
Եկեղեցին այսօր կը տօնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնը` Աստուծոյ Հայր, Որդիի եւ Ս. Հոգիի։ Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին մէկ են որովհետեւ Աստուած սէր է։ Հայրը ամէն ինչ կու տայ Որդիին, Որդին ամէն բան կ'ընդունի երախտապարտ Հօրմէն, եւ Ս. Հոգին պտուղն է Հօր եւ Որդիի փոխադարձ սիրոյն։ Այսօրուան ծիսակատարութեան ընթերցումները կը խօսին Աստուծոյ Սիրոյ մասին, որ էութիւնը կը կազմէ Ամենասուրբ Երրորդութեան։
Ելքի գիրքի ընդթերցումը կ'ընդգծէ թէ Աստուծոյ յայտնութիւնը եկաւ մարդու ծանր մեղքէն ետքը` ոսկի հորթի պաշտամունքէն ետք, Սինայի մէջ, մինչ Մովսէս Աստուծմէ կ'ընդունէր տասնաբանեան պատուիրանները։ Տէրը ինքզինք կը յայտնէ որպէս գթարատ եւ ողորմած, երկայնամիտ եւ հարուստ սիրով ու հաւատարմութեամբ։
Աստուած` ինքնասահմանումովը կը յայտնէ իր ողորմած սէրը` սէր մը որ կը յաղթէ ու կը ջնջէ մեղքը։ Ասկէ աւելի բացայայտ յայտնութիւն մը չկայ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով որ մենք ունինք Աստուած մը որ կը հրաժարի դարապարտելու մեղաւորը, ընդհակառակը կ'ուզէ յայտնել իր սէրը աւելի խոր կերպով եւ զարմանալիօրէն, մարդու տալով կարելիութիւնը զղջումի ու դարձի։
Նոր Կտակարանի ընթերցումով, Յովհաննէս Աւետարանիչը կը մէջբերէ Յիսուսի խօսքը. ''Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ փրկուի ու յաւիտենական կեանք ունենայ''։ Աստուած, ըսաւ Սրբազան Հայրը, փոխանակ մեղաւոր մարդը պատժելու, իր Միածին Որդին կը ղրկէ որպէսզի բուժէ հիւանդները, ներէ մեղաւորները ու անոնց տայ իր կեանքը որպէսզի անոնք մասնակցին յաւիտենական կեանքին, որ մեզի կը հաղորդուի Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը Սան Մարինոյի հաւատքին մասին խօսելով ըսաւ. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Հաւատքը երրեակ Աստուծոյ մէջ յատկանշեց Սան Մարինոյի եկեղեցին։ Ձեր երկրին պատմութիւնը հին է ու փառաւոր։ Այս հողին աւետարանութիւնը կատարուեցաւ քարակոփ երկու սուրբերու` Մարինոյ եւ Լէոնէի միջոցաւ։ Անոնց կեանքի սրբութեան պատճառաւ անոնք ձեռնադրուեցան մէկը քահանայ իսկ միւսը սարկաւագ Կաուտենցօ եպիսկոպոսի կողմէ։ Անոնց հաւատքի հետեւանքով ծնունդ առաւ մշակոյթ մը կեդրոնացած մարդ անհատին վրայ։
Ձեր ժողովուրդին հարստութեան հիմը եղաւ հաւատքը եւ այս հաւատքը յառաջ բերաւ եզակի քաղաքակրթութիւն մը` ձեր քաղաքակրթութիւնը։ Դուք արդարօրէն հպարտ էք ու երախտապարտ Ս. Հոգւոյ կատարած ներգործութիւններուն դարերու հոլովոյթին։ Լաւագոյն եղանակը գնահատելու ստացած ժառանգութիւն մը, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, կը կայանայ զայն մշակելու ու զարգացնելու մէջ։ Դուք ուստի կանչուած էք այս ժառանգութիւնը զարգացնելու ձեր պատմութեան ամենէն վճռական ժամուն։ Այսօրուան ընկերութեան մէջ այն կարծիքը կը տիրապետէ թէ մարդու հարստութիւնը հաւատքը չէ այլ անոր անհատական ու ընկերային իշխանութիւնն է։ Այս հողին վրայ նաեւ հետզհետէ հաւատքի ու քրիստոնեական արժէքները սկսան փոխարինուիլ կարծեցեալ հարստութիւններով, որոնք սակայն ցոյց տուին թէ առանց բարիի, գեղեցիկի ու արդարի, երջանկութիւն չկայ։
Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով, քաջատեղեակ եմ ձեր եկեղեցւոյ յանձնառումին մասին պահպանելու եւ զարգացնելու ձեր ժառանգութիւնը, կը քաջալերեմ ձեզ ըլլալու խմորը այս աշխարհին, կը խրախուեմ հաւատացեալ աշխարհականները յանձնառումով գործելու եկեղեցւոյ մէջ եւ նոյնիսկ ինքզինքնիդ նուիրելու Աստուծոյ։ Ձեր վրայ կը հայցեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք։ Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.